image

BBC-ի պատասխանատուն կը պայթեցնէ լրատուական ռումբ մը

BBC-ի պատասխանատուն կը պայթեցնէ լրատուական ռումբ մը

BBC-ի արտադրութեան պատասխանատուներէն Ռիամ Տալաթի երէկ կարեւոր յայտարարութիւններ կատարած է  Սուրիոյ Տումա քաղաքին մէջ կարծեցեալ տեղի ունեցած քիմիական յարձակումին մասին:

Տալաթի նշած է, որ իր տեսակէտով, Տումայի մէջ նկարահանուած տեսերիզները անհիմն են եւ ցոյց կու տան, որ այնտեղ քիմիական յարձակում տեղի չէ ունեցած:

Յիշեցնենք, որ միջազգային հանրութիւնը մեծ աղմուկ կը բարձրացնէր Սուրիոյ Տումա քաղաքին վերաբերեալ, յայտարարելով, որ Սուրիոյ բանակը քիմիական յարձակում գործած է, պատճառ դառնալով հարիւրաւոր զոհերու:

Յիշեցնենք, որ Տումայի մասին լուրերը տարածուաեցան յատկապէս 7 ապրիլ 2018-ին: