image

Բացայայտուած է Քէպէքի մզկիթի վրայ ահաբեկչական յարձակման հեղինակին ինքնութիւնը

Բացայայտուած է Քէպէքի մզկիթի վրայ ահաբեկչական յարձակման հեղինակին ինքնութիւնը

Գանատայի ոստիկանութիւնը բացայայտած է, երէկ Քէպէքի մզկիթին վրայ յարձակում գործող, 5 անձի սպաննութեան եւ 6 այլոց վիրաւորման պատճառ հանդիսացող ահաբեկիչի ինքնութիւնը: Այս մասին կը գրէ «Ալ- ժատիտ» նշելով, որ յարձակումի կազմակերպիչը 27 ամեայ համալսարանական ուսանող, արմատներով ֆրանսացի, գանատացի, ազգայնական գաղափարներու կրող Ալեքսանտր Պիսոնաթն է:

Աղբիւրը նաեւ կը փոխանցէ, որ Պիսոնաթ «Լավա» համալսարանէն ներս ընկերային ուսմունքներու  բաժինի ուսանող է, որու շէնքը կը գտնուի Քէպէքի իսլամական մշակութային կեդրոնի մօտ, ուր ան գործադրած էր իր յարձակումը:  

Կը նշուի նաեւ, որ Պիսոնաթ երէկ  դատարնի առջեւ  ներկայացած էր, ուր անոր 6 անձերու սպաննութեան եւ 5 այլ անձանց մահափորձի մեղադրանք յարուցուած էր: Գանատայի իշխանութիւնները մատնանշած են, որ հետաքննութեան աշխատանքները կը շարունակուին, յոյս յատնելով, որ կարելի կը դառանայ ձեռք ձգել բաւականաչափ ապացոյցներ՝ ուսանողի նկատմամաբ «ահաբեկչութեան եւ ազգային անվտանգութեան խափանման» մեղադրանքներ ուղղելու համար: Ոստիկանութիւնը յայտարարած էր, որ Պիսոնաթ ինք անձամբ զանգած էր ոստիկանութեան, ինքզինք յանձնելու համար,  յարձակումը իրականացնելէն կէս ժամ անց:

Նշենք նաեւ, որ կը նախատեսուի, որ յանցագործը 21 փետրուարին անգամ մը եւս  ներկայանայ դատական նիստին, որու ընթացքին դատախազը պաշտօնապէս պիտի յայտարարէ անոր ուղղուած  մեղադրանքը:

Յիշեցնենք, որ Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտօ, անդրադառնալով արտակարգ պատահարին, տեղի ունեցածը որակած էր որպէս՝ «վախկոտ ահաբեկչական յարձակում»: