image

Ազրպէյճանի Յայտարարուած Զոհերուն Թիւը Հասած Է 79 -ի

Ազրպէյճանի Յայտարարուած Զոհերուն Թիւը Հասած Է 79 -ի

1 Ապրիլէն սկսեալ տեղի ունեցած պատերազմական գործողութիւնններուն հետեւանքով Ազրպէյճանի յայտարարուած զոհերուն թիւը հասած է 79-ի: Այս մասին կը տեղեկացնէ Razm.info-ն, նշելով, որ ազրպէյճանցի գերմանաբնակ պլոկըր, Meydan.tv ընդդիմադիր լրատուակայքի համակարգող Հապիպ Ապտուլլաեւը, թարմացնելով իր նախկին ցուցակը, ներկայացուցած է Ազրպէյճանի կորուստներու՝ 66 սպանուածի եւ 5 անհետ կորածի անուն, կրկին թոյլ տալով սակայն շարք մը սխալներ:  Razm.info-ն համադրելով այդ տուեալները իր գրանցածներու հետ եւ զտելով անոնք` ներկայացուցած է Ազրպէյճանի սպանուածներու եւ անհետ կորածներու ճշդուած՝ 79+5 անունէ բաղկացած ցուցակ։ Ասոնց շարքին են 1 գնդապետ, 1 փոխգնդապետ, 5 մայոր, 2 կապիտան, 5 աւագ լեյտենանտ և 3 լեյտենանտ, եւ տակաւին այլ տուեալները կը ստուգուին, որմէ ետք կ'ենթադրուի, որ սպաներու թիւը աւելնայ։ Կը նշուի նաեւ, որ ցուցակագրուածներու մեծ մասը յատուկջոկատայիններ եւ հետախոյզներ են: