Այսօր լուսաբացին ազրպէյճանեան ուժեր ներթափանցման փորձ կատարած են Արցախի արեւլեան ճակատէն: Հերթական ձախող փորձը եղած է մասնաւորապէս Ակնայ ճակատէն: Այս մասին լուր փոխանցող ԼՂՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ կը հաղորդէ, որ թշնամին հերթական անգամ հանդիպած է հայկական ուժերու դիմադրական հակահարուածին եւ դուրս շպրտուած: Կը հաղորդուի նաեւ, որ հակառակորդը տարբեր ճակատներու ուղղութեամբ կրակ բացած եւ խախտած է անցող 5 ապրիլին հաստատուած հրադադարի պայմանաւորուածութիւնը: