Ազրպէյճանական կողմին մօտ խուճապահար վիճակ կը տիրէ: Այս մասին կը գրէ «Հայկական ժամանակ» օրաթերթի կայքը: Աղբիւրը, որ լուրը հրապարակած է երէկ ուշ գիշեր, նոյնպէս կը յայտնէ, որ Ազրպէյճանի Եւլախ, Բարդի, Թարթառ եւ Ախջաբերդի շրջաններու բնակչութիւնը տարհանուած է: Աղբիւրը սոյն տեղեկանքը վերցուցած է ընկերային ցանցերէն:
Նշենք, որ ԼՂՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուցած էր, որ սահմանային ամբողջ գօտին կը գտնուի խիստ լարուած իրավիճակի մը մէջ: Տարբեր լրատուական ծառայութիւններ նոյնպէս լուր կը փոխանցեն, որ հայակական կողմը յաջողած է ետ վերցնել այն դիրքերը, որոնք հակառակորդի տիրապետութեան տակ անցած էին 1 ապրիլին շղթայազերծուած քառօրեայ պատերազմի ընթացքին: