image
Հրատապ լուրեր:

Ազրպէյճան կը շարունակէ կրակել հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ

Ազրպէյճան կը շարունակէ  կրակել հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ

Ազրպէյճան կը շարունակէ կրակել  հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ:  Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է  ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան  կողմէ, որ նաեւ կը հաղորդէ, թէ  11 յուլիսի    վաղ  առաւօտեան    ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ հակառակորդը հրադադարը խախտած է 14 անգամ` ինքնաձիգերէ, գնդացիրներէ եւ դիպուկահար հրացաններէ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 100 կրակոց: Պաշտպանութեան բանակի առաջապահ զօրամասերը լիակատար վերահսկողութիւն կը պահպանեն առաջնային գիծին վրայ եւ կը կ'իրականացնեն մարտական հերթապահութիւն: