Իսրայէլեան իրաւասու մարմինները պելառուսական կողմին պահանջած են չընդառաջել Ազրպէյճանի պահանջին եւ վերջինիս չյանձնել Պելառուսիոյ մէջ հինգշաբթի, 22 տեկտեմբերին ձերբակալուած ուքրանացի-Իսրայէլցի ճանապարհորդ-պլոկըր Ալեքսանտր Լաբշինը, կը գրէ իսրայէլեան «Haaretz» թերթը:
Ըստ աղբիւրին, Լաբշին ձերբակալուած էր Ազրպէյճանի պահանջով՝ խնդրայարոյց տարածք համարուող Արցախ այցելած ըլլալուն համար: