Երէկ լարուած եղած է ամբողջ ղարաբաղ- ազրպէյճանական սահմանը: Այս մասին կը տեղեկացնէ ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Աղբիւրը նաեւ կը յայտնէ, որ թշնամին աւելի քան 80 անգամ խախտած է հրադադարը: Կը հաղորդուի, որ ազրպէյճանեան կողմը գործի դրած է իր ամբողջ զինուորական տեսականին՝ օգտագործելով յատկապէս հրանետեր եւ նռնականետեր: Գործածուած է մասնաւորապէս RPG եւ T R 107 տիպի արկանետեր: Կրակը կեդրոնացած է յատկապէս Մարտակերտի եւ Մատաղիսի ճակատներու ուղղութեամբ: Կը հաղորդուի նաեւ, որ հայկական կողմը ունի երկու զոհ՝ պայմանագրային զինուորներ Տիգրան Պօղոսեան և Արամ Առուշանեան: Ըստ նոյն աղբիւրին, ներկայ դրութեամբ սահմանային գօտին կը գտնուի վերահսկողութեան տակ, եւ հայկական զօրքերը կը կատարեն իրենց վստահուած առաքելութիւնը: