image

Ազգային ժողովի նիստին Աւստրալիոյ եւ Սուրիոյ հետ օդային կապ հաստատելու համաձայնութեան հարցը պիտի ճշդուի

Ազգային ժողովի նիստին Աւստրալիոյ եւ Սուրիոյ հետ օդային կապ հաստատելու համաձայնութեան հարցը պիտի ճշդուի

9 փետրուարին կայանալիք Ազգային ժողովի նիստին համաձայնութիւն կրնայ տրուիլ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Աւստրալիոյ Միութեան կառավարութեան միջեւ օդային հաղորդակցութիւններու մասին համաձայնագիրի կնքման առաջարկին: Այս մասին կը հաղորդէ PanArmenian.net-ը։

Կառավարութեան նիստի օրակարգին համաձայն, պիտի համաձայնեցուի նաեւ «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ օդային հաղորդակցութիւններու մասին» համաձայնագիրի կնքման առաջարկին:

Նախապէս հաղորդուած էր, որ Հայաստանը Գանատայի ու Սինկափուրի հետ օդային հաղորդակցութիւններու մասին համաձայնագրեր պիտի կնքէ: Կառավարութիւնը 26 յունուարի նիստին համաձայնութիւն տուած է փաստաթուղթերու ստորագրման առաջարկին: