image
Հրատապ լուրեր:

Այսօր կը վճռուի մեր ապագան. Արցախի նախագահին խօսքը յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումներուն

Այսօր կը վճռուի մեր ապագան. Արցախի նախագահին խօսքը յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումներուն

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, մինչեւ մարտի դաշտ մեկնիլը, գիշերը հանդիպած է յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումներու ծառայողներու հետ: Յարութիւնեան այս մասին տեղեկացուց ֆեյսպուքեան իր էջին վրայ հրապարակած տեսանիւթով:

«Մեր տղաներուն յաղթել չ՛ըլլար, եւ սա զուտ զգացական արձանագրում չէ: Պատուով պիտի պաշտպանենք մեր միացեալ Հայրենիքը»,-նշած է Արայիկ Յարութիւնեան:


Յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումներու ծառայողներուն հետ հանդիպման ժամանակ Արայիկ Յարութիւնեան ընդգծեց, որ այսօր կը վճռուի մեր ապագան, այս երկրին մէջ ապրելու հայ ժողովուրդի իրաւունքը:

«Մենք հարիւրամեակներու ամենաճակատագրական ժամանակը կ՛ապրինք: Հայրենիք ունենալու եւ չունենալու օրհասական ժամանակը կ՛ապրինք: Մեզմէ իւրաքանչիւրէն կախեալ է ոչ միայն Արցախի, Հայաստանի, այլեւ հայ ազգի ապագան: Կ՛ուզեմ բոլորդ կատարէք ձեր ծառայութիւնը եւ շարունակէք ապրիլ այս Հայրենիքին մէջ որպէս արժանի զաւակներ: Համոզուած եղէք, պիտի յաղթենք: Մենք աւելի դժուար ժամանակ ունեցած ենք 90-ականներուն: Այն ժամանակ յաջողեցանք, այսօր եւս պիտի յաջողինք: Այսօր ազատ երկրին մէջ մեր երեխաներու ապրելու իրաւունքը կ՛որոշուի: Մենք ունինք առաքելութիւն մեր ազգին եւ սերունդներուն առջեւ»,-ըսած է նախագահը:

Ան տեղեկացուցած է, որ աւելի վաղ հանդիպած է եզիտի եղբայրներու հետ, անոնք նոյնպէս առաջնագիծ մեկնած են` պահպանելու հայրենի հողը: Արայիկ Յարութիւնեան ընդգծած է, որ նաեւ միջազգային հանրութիւնը համախմբուած է` գիտակցելով այն մեծ չարիքը, որ սկիզբ առած է տարածաշրջանին մէջ:   

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան նախապէս տեղեկացուցած էր, որ կը մեկնի առաջնագիծ` իր բաժին մարտը մղելու: