image

Այս շաբաթ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 3300 կրակոց

Այս շաբաթ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 3300 կրակոց

Մայիս 5-էն 11-ը  ինկած ժամանակահատուածին արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գօտիին վրայ հակառակորդը հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած է շուրջ 180 անգամ, որու ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 3300 կրակոց:


ՊԲ առաջապահ զօրամասերը կը շարունակեն լիակատար վերահսկողութիւն պահպանել առաջնագիծին եւ վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը: