Անցեալ գիշեր արցախեան սահմանին հակառակորդի կողմէ տարբեր հրաձգային զէնքերէ հրադադարի պահպանման ռէժիմը խախտուած է շուրջ 45 անգամ, որու ընթացքին հայկական դիրքերու վրայ արձակուած է 1000-է աւելի կրակոց: Այս մասին կը տեղեկացնէ ԼՂՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութիւնը, նշելով, որ Արեւելեան (Մարտունի) ուղղութեամբ ազրպէյճանական զինուժը կիրառած է նաեւ ականանետ (1 արկ):