image

Այս գիշեր հակառակորդը կիրառած է «ԻՍՏԻԳԼԱԼ» եւ «ՍՎԴ» տիպի դիպուկահար հրացաններ

Այս գիշեր հակառակորդը կիրառած է «ԻՍՏԻԳԼԱԼ» եւ «ՍՎԴ» տիպի դիպուկահար հրացաններ

Անցած գիշեր արցախեան սահմանին հակառակորդը տարբեր հրաձգային զինատեսակներէ, այդ թուին՝ դիպուկահար հրացաններէ, հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած է 25 անգամ՝ հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 280 կրակոց:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ ԼՂՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութիւնը, «Իստիգլալ» եւ «ՍՎԴ» տիպի դիպուկահար հրացաններէ ազրպէյճանական զինուժը աշխոյժ ձեւով կրակած է հարաւային, արեւելեան եւ հիւսիսարեւելեան ուղղութիւններով՝ ընդհանուր առմամբ արձակելով 30 կրակոց: