image

Ատոլֆ Հիթլէրի թաքստոցներէն մէկը յայտնաբերուած է

Ատոլֆ Հիթլէրի թաքստոցներէն մէկը յայտնաբերուած է

Բրիտանական Daily Mail թերթը յայտնած է, որ ֆրանսացի լուսանկարիչ մը պատահականութեան բերումով Հիթլերի թաքստոցներէն մէկը յայտնաբերած է, ուր գտնուած ընթացքին վերջինս պատրաստած է Բրիտանիոյ վրայ յարձակելու նախագիծը:

Աղբիւրին համաձայն, լուսանկարիչ Մարք Սքաթ Ֆրանսայի հիւսիսային շրջանի գիւղերէն մէկուն մէջ որպէս լուսանկարելու արժանի նիւթ ծառայող վայր փնտռած պահուն պատահականօրէն յայտնաբերած է Հիթլերի վերջին եւ կարեւորագոյն թաքստոցներէն մէկը: