Այսօր առաւօտ կանուխ կրակոց արձանագրուած է Պոլսոյ «Աթաթուրք»ի անուան օդակայանին առջեւ: Ըստ «Սապահ»ին, երկու անծանօթներ մերժած են օդակայանի ապահովական ուժերուն ենթարկուիլ, որմէ ետք գրանցուած է կրակոց եւ անծանօթներէն մին, որ զինեալ էր, թեթեւօրէն վիրաւորուած է ու փոխադրուած հիւանդանոց: Ապահովական մարմիններ քննութիւն բացած են դէպքին վերաբերեալ: Յիշեցնենք, որ անցնող ժամերուն Պոլսոյ եւ Թուրքիոյ տարբեր քաղաքներուն մէջ լարուած մթնոլորտ կը տիրէ: