ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ մշտական ներկայացուցիչ Պաշշար Ալ Ճաաֆարի յայտարարած է, որ ինք պիտի գլխաւորէ Աստանայի բանակցութիւններուն մասնակցելու մեկնող Դամասկոսի պատուիրակութիւնը: Այս մասին կը յայտնէ «Sputnik» գործակալութիւնը:
Նշուած է, որ Ճաաֆարի հրաժարած է պատուիրակութեան միւս անդամներուն մասին մանրամասներ ներկայացնելէ, սակայն «Sputnik» հաւաստի աղբիւրներէ տեղեկութիւն ստացած է, որ պատուիրակութեան կազմին մէջ ընդգրկուած պիտի ըլլան Սուրիոյ բանակին մէջ ծառայող ռազմագէտներ:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ ընդդիմադիր ուժերու պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ «Ճէյշ Ալ Իսլամ» խմբաւորման քաղաքական թեւի ղեկավար Մուհամմատ Ալլուշ:
Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախաձեռնութեամբ կայանալիք բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան սոյն թուականի 23 Յունուարին, Ղազախիստանի մայրաքաղաք Աստանայի մէջ: