image

Աստանայի բանակցութիւններուն սուրիական երկու կողմերը պիտի ներկայացնեն Ճաաֆարի եւ Ալլուշ

Աստանայի բանակցութիւններուն սուրիական երկու կողմերը պիտի ներկայացնեն Ճաաֆարի եւ Ալլուշ

ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ մշտական ներկայացուցիչ Պաշշար Ալ Ճաաֆարի յայտարարած է, որ ինք պիտի գլխաւորէ  Աստանայի բանակցութիւններուն մասնակցելու մեկնող Դամասկոսի պատուիրակութիւնը: Այս մասին կը յայտնէ «Sputnik» գործակալութիւնը:

Նշուած է, որ Ճաաֆարի հրաժարած է պատուիրակութեան միւս անդամներուն մասին մանրամասներ ներկայացնելէ, սակայն «Sputnik» հաւաստի աղբիւրներէ տեղեկութիւն ստացած է, որ պատուիրակութեան կազմին մէջ ընդգրկուած պիտի ըլլան Սուրիոյ բանակին մէջ ծառայող ռազմագէտներ:

Միւս կողմէ, Սուրիոյ ընդդիմադիր ուժերու պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ «Ճէյշ Ալ Իսլամ» խմբաւորման քաղաքական թեւի ղեկավար Մուհամմատ Ալլուշ:

Յիշեցնենք, որ  Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախաձեռնութեամբ կայանալիք  բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան սոյն թուականի 23 Յունուարին, Ղազախիստանի մայրաքաղաք Աստանայի մէջ: