Ստորեւ կը ներկայացնենք ԱՄՆ նախագահական ընտրարշաւի ընթացքին նախագահ Տոնըլտ Թրամբի կարգ մը ուշագրաւ կարծիքները Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ վերաբերեալ:
Տոնալտ Թրամբի կարծիքով դեմոկրատական Հիլըրի Քլինթընին արտաքին քաղաքականութիւնը Սուրիոյ նկատմամբ՝ Երրորդ Համաշխարհային պատերազմի պիտի յանգեցնէ:
Թրամբ բացայայտեց իր կարծիքը ըսելով, թէ Միացեալ Նահանգները պէտք է կեդրոնանայ «Իսլամական Պետութիւն»ը ոչնչացնելու, փոխանակ Սուրիոյ նախագահ՝ Պաշշար Ասատը իր պաշտօնէն հեռացնելու մտադրութեան:
Ան նաեւ նշած է, որ Քլինթըն կ′առաջարկէ թռիչքները կասեցնել Սուրիոյ երկնակամարին, ինչ որ շատերուն համար Ռուսիոյ դէմ պայքարի կը մղէ:
«Ռոյթըրզ» լրատուական գործակալութեան հետ հանդիպման Թրամբ ըսած է. «Ճանապարհի աւարտին Երրորդ Համաշխարհային պատերազմի պիտի հասնինք, եթէ լսենք Հիլըրի Քլինթընը»: Ան աւելցուց. «Միայն Սուրիոյ հետ չես պատերազմիր, այլ Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ, այնպէս չէ՞: Ռուսիա հիւլէական ուժ ունեցող երկիր է, անոր հիւլէական զէնքերը ի զօրու են, ուրիշ երկիրներու նման չեն»:
Ան հետաքրքուած էր, թէ ինչպէս Հիլըրի կրնայ բանակցիլ այն մարդուն հետ, որուն շատ վատ նկարագրած էր, եթէ յաղթէ 8 նոյեմբերին տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն:
Երկու թեկնածուներու վերջին բանավէճին, Քլինթըն յայտնած է իր համակրութիւնը Սուրիոյ երկնակամարին թռիչքներու կասեցման, եւ ըսած է. «Թռիչքներու կասեցման շնորհիւ կրնան բազմաթիւ կեանքեր փրկուիլ եւ արագացնել հակամարտութեան աւարտը»:
Սակայն ըստ Ուիքիլիքս-ի, նոյն Քլինթըն 2013-ին թռիչքներու կասեցման մասին խօսելով (Ոօլտման Սաքս դրամատան մէջ ճառախօսութեան պահուն), նշած էր թէ. «Թռիչքներու կասեցումը բազմաթիւ սուրիացիներու մահը պիտի պատճառէ»: