10 Ապրիլին` ժամը 13:27-ին, «911» ծառայութեանը ահազանգ ստացած է, որ քաղաքացին կը ցանկայ ինքնասպանութիւն գործել՝ փորձելով նետուիլ Արարատի մարզի Արտաշատ քաղաքի նախկին նաւթի գործարանի մօտակայքը գտնուող 7 յարկանի շէնքերէն մէկուն տանիքէն. անհրաժեշտ է փրկարարներու օգնութիւնը:
Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութենէն յայտնած են, որ դէպքի վայր մեկնած է ԱԻՆ ՓԾ հրշէջ-փրկարարական ջոկատէն մէկ մարտական հաշուարկ:
Պարզուած է, որ քաղաքացի Գ.Պ.-ն (1993-ի ծնունդ) ոչ սթափ վիճակի մէջ (ըստ իր յայտարարութեան) բարձրացած է հեռախօսակապի աշտարակի վրայ եւ չիջներ:
ԱԻՆ ՓԾ Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոնի հոգեբանական աջակցութեան բաժնի հրահանգիչը կապ հաստատած է քաղաքացիին հետ, ցուցաբերած հեռախօսային հոգեբանական խորհրդատւութիւն, որ, սակայն, քաղաքացիի կողմէ ընդհատուած է:
Փրկարարներու եւ ոստիկանութեան աշխատակիցներու բացատրական աշխատանքներու արդիւնքով Գ.Պ.-ն ինքնակամ իջած է աշտարակէն: