image

Արկած անցուցած լիբանանահայերը դուրս եկած են հիւանդանոցէն

Արկած անցուցած լիբանանահայերը դուրս եկած են հիւանդանոցէն

Երէկ Սիւնիքի մէջ ինքնաշարժի արկածի պատճառով Սիսիանի բժշկական կեդրոն դիմած լիբանանահայերը դուրս եկած են: Այս մասին տեղեկացուցած է առողջապահութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ Անահիտ Հայթայեանը: 

Արկածը, ինչպէս կը հաղորդէ tert.am-ը, պատահած էր Սիսիան-Գորիս հատուածի 3-րդ քմ-ին: Ինքնաշարժին մէջ եղող 5 լիբանանահայերէն 3-ը` 47 ու 62 տարեկան քոյրերն ու 54 տարեկան վարորդը տեղափոխուած էին հիւանդանոց։ Բուժօգնութիւն ստանալէ եւ անհրաժեշտ հետազօտութիւններ կատարուելէ ետք պարզուած է, որ 62-ամեայ կնոջ մօտ 9-րդ եւ 10-րդ կողերու կոտրուածք կայ, մինչ վարորդը միայն քերծուածքներ ստացած է։ Իսկ 47-ամեայ կինը վնասներ չէ կրած։

Նշենք, որ լիբանահայերու ինքնաշարժին բախող «Մերսետես» մակնիշի ինքնաշարժը դիմած է փախուստի: