image
Հրատապ լուրեր:

Արիւնալի օր մը եւս Հալէպի համար.Զոհուած են 7 աշակերտներ (Լուսանկարներ)

Արիւնալի օր մը եւս Հալէպի համար.Զոհուած  են 7 աշակերտներ  (Լուսանկարներ)

Արիւնալի օր մը եղած է Հալէպի համար: Այս առաւօտ     ընդդիմադիր զինեալներ   հրթիռարձակումներ կատարած են Հալէպի  «Ալ Ֆըրքան» շրջանի դպրոցին վրայ: Ըստ  սուրիական «Սանա»  գործակալութեան, հրթիռներէն մին ինկած է  «Ֆըրքան»  վարժարանի   դասարանի մը  վրայ, որուն հետեւանքով զոհուած   են    7 աշակերտներ, մինչ    դասարանէն ներս գտնուող ուսուցչուհին եւ 19  այլ  աշակերտներ    տարբեր մակարդակի վէրքեր ստանալով փոխադրուած են հիւանդանոց:   Նոյն աղբիւրը  կը նշէ, որ   հրթիռարձկումներուն  թիրախ դարձած է նաեւ «Ալ Շահպա» թաղամասը,  ուր զոհուած է  մէկ անձ եւ կան տասնեակ վիրաւորներ:

 

 

 

 

 

Գալով հայկական թաղամասերուն,  ըստ «Արեւելք»ի     Հալէպի աղբիւրին,  հայկական   շրջանները   այսօր եղած են  խաղաղ  եւ կեանքը  շարունակուած է բնականոն հունով:  Հայկական եկեղեցիներուն  մէջ մատուցուած է   Սուրբ եւ Անմահ պատարագ, ինչպէս նաեւ եղած են սկաուտական հերթական հաւաքներ: