Թուրքիոյ քաղաքական հասարակական եւ մամուլի շրջանակներու մէջ քննարկումներ կ'ընթանան այն մասին, թէ ինչ սպասելիքներ կարելի է ակնկալել ԱՄՆ-ի նորընտիր նախագահ Տոնալտ Թրամփէն:
Այս կապակցութեամբ թրքական «Habereser» լրատուական կայքը առանձնացուցած է շարք մը խնդիրներ, որոնք այժմ առանցքային դեր ունին թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ: Կը նշուի, որ երբ Թրամփը յաղթեց ԱՄՆ-ի նախագահական ընտրութիւններուն, Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ բարձրաձայնած է ԱՄՆ-ի հետ կապուած հիմնական խնդրայարոյց հարցերու մասին:
Անոնց շարքին էն մասնաւորապէս ամերիկաբնակ միլիառատէր եւ իսլամի յայտնի քարոզիչ Ֆեթթհուլա Կիւլէնի արտայանձման հարցը, ԱՄՆ-ի կողմէն Սուրիոյ քրտական ուժերուն աջակցելու հարցը: Աղբիւրը հարցադրում կատարած է, թէ արդեօ՞ք Թրամփը պիտի հրաժարի «Միացեալ քրտական պետութիւն ստեղծելու» միտքէն, ինչպէս նաեւ PKK-ին աջակցելէն: Եւ հնարաւո՞ր է արդեօք, որ ԱՄՆ կողմ չըլլայ թուրք-քրտական բանակցութիւններուն:
Անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան խնդրին` թրքական լրատուամիջոցը նշած է, որ դեռ անյայտ է, եթէ Թրամփի նախագահութեան օրօք ԱՄՆ պիտի հրաժարի Հայոց Ցեղասպանութիւնը Թուրքիոյ դէմ իբրեւ մահակ օգտագործելէն: