Ամիսներէ ի վեր գործի դրուած մեծ ճիգերէն ետք Լիբանանի քաղաքական շրջանակները, մինչեւ այս պահը չեն յաջողած ընտրական նոր եւ բոլորին գոհացում տուող օրէնք մը վաւերացնել: Ներկայ պահու դրութեամբ երկրին մէջ կը տիրէ անորոշ իրադրութիւն մը եւ հիմնական լարուածութիւնը օրըստօրէ կ'աճի մէկ կողմէ քրիստոնեայ հիմնական երկու ուժերուն եւ միւս կողմէ «շիիթ երկուորեակ»ին միջեւ:Մինչ քրիստոնեաները կը պահանջեն կայուն օրէնք մը, որուն շնորհիւ պիտի կարղանան իրենց արդար եւ ներկայացուցչական ձայնը ընտրել, անդին շիիթ համայնքի քաղաքական առաջնորդները կը յայտարարեն, թէ իրենք ոչ մէկ անգամ չեն փորձած «գողնալ» քրիստոնեաներուն ձայնը:
Յստակ է նաեւ, որ ներ-քրիստոնէական ճակատին վրայ գոյացած քաղաքական նոր տեղաբաշխումները որոշակի մտհոգութիւններ կը ստեղծեն իսլամ հատուածներուն մօտ ու այդ պատճառով է նաեւ,որ անոնց (քրիստոնեաներուն) կողմէ առաջադրուած ընտրական օրինագիծները «կը զառնուին» մեծ արգելքներու:
Այս ընդհանուր մթնոլորտին մէջ, երէկ իր ահազանգային խօսքը կը հնչեցնէր «Հըզպալլա» կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար՝ Սէյիտ Հասան Նասրալլան: Ան կը դիտարկէր, որ երկիրը կանգնած է գահավիժումի վտանգաւոր սեմին ու եթէ իրադրութիւնը այս ընթացքով շարունակուի, ապա Լիբանանը կրնայ աննախանձելի եւ բարդ դրութեան մը մէջ իյնալ:
Նասրալլա նաեւ ըսած է, որ եթէ երկիրը տագնապի մէջ մտնէ, ապա այդ իրավիճակին պատասխանատուութիւնը պիտի իյնայ բոլորին ուսերուն վրայ:
Այս «զգուշացնող» յայտատարութիւններէն ետք կը սպասուի, որ նախագահ զօր.Միշէլ Աունը եւս ունենայ իր կարեւոր ըսելիքը, մանաւանդ որ խորհրդրարանի յառաջիկայ նիստը (մէկ ամսուան «օրէնսդրական դադար»էն ետք) պիտի կայացուի 15 մայիսին, ուր լիբանանցի երեսփոխանները պիտի վճռեն ընտրութիւններ կայացնելու կամ ներկայ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը արդէն 3-րդ անգամ երկարաձգելու խնդիրը:
Լիբանան, որ կը ղեկավարուի համայնքային դրութեամբ ասյօր հերթական անգամ կանգնած է սուր տարակարծութիւններու փուլի մը մէջ յայտնուելու վտանգին առջեւ:
Ու մտահոգիչը այն է, որ Միջին Արեւելեան «արիւնլուայ» եւ տագնապահար կացութեան դիմաց, Լիբանանի մէջ սկիզբ առնելիք որեւէ ընդհանրում կրնայ մեծ ալեկոծումներու տանիլ եւ շրջանային «հակառակորդներու»ն համար, ինչպէս մօտիկ անցեալին այսօր ալ դառնալ «հին եւ նոր» հաշիւներ մաքրելու հաստատուն թատերաբեմ: