Արցախի հարաւային ուղղութեամբ մարտերը վերսկսած են առաւօտեան ժամը 6:00 -ին: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ ԼՂՀ ՊՆ կայքը: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ հայկական սահմանպահ զօրքերը համապատասխան քայլեր կ'իրականացնեն լռեցնելու համար հակառակորդի կրակակէտերը: Նշենք, որ երէկ Արցախի մէջ 1994-ին հաստատուած հրադադրէն ի վեր ամէնաթէժ օրն էր: Հակառակորդը ունի ծանր կորուստներ եւ ձախողած է իր հերթական սադրանքին եւ ներթափանցման փորձերուն մէջ: