Առաւօտեան ժամերուն կը սպասուի, որ դէպի Հալէպ հասցընող Խանասէր- Ասրիա ճանապարհը բացուի: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրին համաձայն եւ ըստ նախնական տուեալներու, առաւօտեան ժամերուն դէպի Հալէպ առաջին օգտագործման նիւթեր հասցընող բեռնատար կառքերը պիտի կարողանան քաղաք հասնիլ: Կը նշուի նաեւ, որ շուրջ մէկ շաբաթէ ի վեր Հալէպը կը մնար պաշարուած ու այդ պատճառով կենսական նիւթերու (ինչպիսիք են վառելանիւթ եւ սննդեղէն) սուր տագնապ մը սկսած էր երեւելի դառնալ քաղաքին մէջ: Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ հաստատուած կրակմարէն ի վեր քաղաքը յայտնուած է զգուշաւոր անդորրի մը մէջ եւ սակայն մերթ ընդ մերթ Հալէպի ծայրամասերուն վրայ պայթումներու ձայներ կը լսուին: Հալէպի ցամաքային ճանապարհի բացումով հալէպցիները պիտի կարողանան աւելի հեշտութեամբ ու մատչելի գիներով ճարել իրենց առօրեայ օգտագործման հիմնական պէտքերը: