image

Առաւօտեան Ժամերուն Դէպի Հալէպ Տանող Ճանապարհը Պիտի Բացուի. Աղբիւր

Առաւօտեան  Ժամերուն Դէպի Հալէպ  Տանող Ճանապարհը  Պիտի Բացուի.  Աղբիւր

Առաւօտեան  ժամերուն  կը սպասուի, որ դէպի  Հալէպ հասցընող   Խանասէր- Ասրիա ճանապարհը բացուի: Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն:  Մեր աղբիւրին համաձայն   եւ ըստ նախնական  տուեալներու,  առաւօտեան  ժամերուն   դէպի Հալէպ    առաջին օգտագործման նիւթեր  հասցընող  բեռնատար կառքերը պիտի կարողանան  քաղաք  հասնիլ: Կը նշուի նաեւ, որ    շուրջ     մէկ շաբաթէ ի վեր Հալէպը կը մնար պաշարուած ու այդ պատճառով   կենսական  նիւթերու (ինչպիսիք են վառելանիւթ եւ  սննդեղէն)   սուր  տագնապ մը սկսած էր երեւելի  դառնալ քաղաքին մէջ:  Մեր  աղբիւրը նաեւ  հաղորդեց, որ  հաստատուած կրակմարէն ի վեր  քաղաքը յայտնուած է     զգուշաւոր անդորրի մը մէջ  եւ   սակայն մերթ ընդ մերթ  Հալէպի  ծայրամասերուն  վրայ   պայթումներու ձայներ կը լսուին: Հալէպի    ցամաքային ճանապարհի բացումով  հալէպցիները պիտի  կարողանան  աւելի հեշտութեամբ ու   մատչելի գիներով     ճարել իրենց  առօրեայ օգտագործման հիմնական պէտքերը: