Անցեալ գիշեր Ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագծի վրայ, հակառակորդը, տարբեր զինատեսակներէ, հրադադարը խախտած է աւելի քան 60 անգամ, որուն ընթացքին արձակած է շուրջ 900 կրակոց:
Առաւել մեծ թիւով խախտումներ արձանագրուած են հարաւային (Հադրութ) եւ արեւելեան (Մարտունի) պաշտպանական ուղղութիւններով, ուր ազրպէյճանական զինուժը, բացի ինքնաձիգերէն եւ գնդացիրներէն, կիրառած է նաեւ «CBD» եւ «իսթիքլալ» տիպի դիպուկահար հրացաններ (93 կրակոց):