Ընթացիկ հարցում մըն էր տղուս կողմէ: Արարատ լեռը զոր մենք կը պաշտենք, ինչ իմաստ ունի պապ, հարցուց ան:
Դասականացած մտքով սկսայ բացատրութիւն տալ...
Արարատը աշխարհի ամէնէն բարձր լեռներէն մէկն է (5165 մեթր): Գագաթը ծածկուած է յաւերժական ձիւնով: Պատմաբաններու համաձայն, «Արարատ» անուանումը ծագած է Վանի թագաւորութեան հին եբրայերէն անուանումէն։ Հայերէն աւանդական անունն է Մասիս...Արարատ լեռը կը խորհրդանշէ հպարտութիւն, գեղեցկութիւն, վերապրում եւ...յանկարծ մտքիս հորիզոնը շեղեցաւ դասականութենէն եւ բացատրութեան նոր ոլորտ մը ինքզինք պարտադրեց...
.....
«Կար ու չկար, շա՜տ շա՜տ հին ժամանակներուն, երբ մարդիկ սնունդի համար կ՝որսային այծյամ եւ արծիւ, կար քաջ որսորդ մը՝ Արա անունով:
Արան եւ միւս գիւղացիները կ՝ապրէին ժայրափոր տնակներու մէջ՝ միշտ անապահով ու զգոյշ: Հազիւ մութը կոխէր, հորիզոնին կողմէ կը լսուէր ահեղ ձայն մը: Գիւղացիները կը սարսափէին այդ ձայնէն, բայց եւ նաեւ կը պաշտէին այդ ձայնը՝ լեռներու, ժայռերու եւ բարտիներու տէրը նկատելով զայն:
Արան սակայն, քաջ եւ հարցադրող, օր մը կ՝որոշէ ուղղուիլ դէպի ձայնը: Ի՞նչ է այդ, ո՞վ է ան, կ՝ըսէր միտքէն, եւ ինչո՞ւ միշտ երեկոյեան հեղեղի պէս կը ծածկէր դաշտ ու երկինք՝ սարսափ տարածելով ամէնուրեք:
Երկա՜ր օրեր, գիշեր ու ցերեկ քալելէ յետոյ, Արան կը հասնի հորիզոնին ծայրը: Անդունդ ու դժոխային լռութիւն է հոն: Այս բոլորը երեւակայութիւ՞ն է արեօք, կը կասկածի Արա:
Բայց յանկարծ լռութեան մէջէն թշշալով, վշշալով ու խշշալով, անդունդն ի վեր կը բարձրանայ աժդահան: Զարմացկոտ, քիչ մը շուարած, Արան կը պատրաստուի կռիւի: Բայց ի՜նչ տեսնէր...աժդահային ձեռքերն ու ոտքերը կապուած էին ամուր շղթաներով:
Եւ ահա աժդահան, իր խոշոր մարմնով կը ծռի Արայի վրայ.
- Ո՞վ ես դուն, ի՞նչ կ՝ընես հոս, կը գոռայ ան:
- Ես Արան եմ, որսորդներու ամէնէն ճարպիկը եւ քաջը: Դուն ի՞նչ կ՝ընես հոս, ինչո՞ւ ահարկու ձայնովդ կ՝արշաւես աջ ու ձախ:
- Ես Րատ թագաւորն եմ, տէրը այս երկրին եւ երկինքին, բայց անէծքը եղնիկին զիս դարձուց գերի եւ բանտարկեալ: Եթէ իսկապէս քաջ ես ինչպէս կ՝ըսես, կ՝երթաս միւս
կողմի հորիզոնը ուր կայ Զարա գետը: Անոր ջուրը միայն կրնայ ազատել զիս այս գերութենէն, կ՝ըսէ աժդահան:
- Եթէ բերես Զարայի ջուրը, քեզ կը դարձնեմ իմ ժառանգորդը՝ երկրի եւ երկինքի թագաւորը:
Վճռական, Արան կ՝ուղղուի դէպի հակառակ հորիզոնը:
Օրե՜ր կ՝անցնին, շա՜տ շա՜տ օրեր, բարկացոտ ու յուսահատ կը սպասէ աժդահան, բայց Արան կ՝ուշանայ...
Եւ օր մը, փոթորկոտ ու տխուր օր մը, կը յայտնուի Արան՝ քարաշէն սափոր մը ձեռքին, լեցուն Զարայի ջուրով:
Հազիւ աժդահան Զարայի ջուրէն խմած, երկինքը կը դղրդայ, քար ու դաշտ, լեռ ու ծառ կը խառնուին իրարու: Խաւարը կը ծածկուի լոյսով եւ երկինքէն կը տեղան նախշուն ծաղիկներ: Երկունք է՝ մեծութեան, քաջութեան եւ գեղեցկութեան Երկունք:
Իսկ Արա՞ն...
Արան երբեք գիւղ չէ վերադարձած...
Բայց գիւղին այն կողմը, որսորդ Արայի եւ Րատ թագաւորի հանդիպումէն ետք, Զարայի ջուրին երկունքէն կը ծնին երկու լեռներ եւ երկու գագաթներ՝ Արա եւ Րատ, քով քովի՝ իրար ձեռք բռնած:
Գիւղացիները կը պատմեն որ այդ օրէն ասդին լռած է աժդահային վախազդու գոռռցը, դաշտն ու երկինքը դարձած են խաղաղ, որսը՝ առատ եւ իրենք՝ երջանիկ ու ապահով:
Վարուժան Թէնպէլեան