image
Հրատապ լուրեր:

Արամ Պետրոսեան Յարձակում գործած է Մոսկուայի մէկ դրամատան վրայ

Արամ Պետրոսեան Յարձակում գործած է  Մոսկուայի մէկ դրամատան վրայ

Սնանկացած գործարար Արամ Պետրոսեանը, որ չորեքշաբթի օր պատանդներ վերցուցած էր Մոսկուայի կեդրոնը գտնուող դրամատան մէջ, առաջին ցուցմունքները տուած է քննիչներուն: Հարցաքննութեան ան յայտարարած է, որ չէր մտադրած մարդոց սպաննել։ Այդ մասին  Ռիա Նովոսթի գործակալութեան յայտնած է ՌԴ Քննչական կոմիտէի մայրաքաղաքի բաժնի ղեկավարի աւագ օգնական Եուլիա Իւանովան:«Անոր խօսքով՝ ան  միայն կ'ուզէր ուշադրութիւն հրաւիրել իր խնդրին»,- ըսած է Իւանովան:Քննչական կոմիտէէն նշած են նաեւ, որ քննիչները մտադիր են հասնիլ կասկածեալին կալանաւորելու որոշման:Պետրոսեան սպառնացած է պայթեցնել «Սիթիպանք»-ի մասնաճիւղը: Ոստիկանութեան հետ բանակցութիւններու ընթացքին ան  ազատ արձակած է բոլոր պատանդները , եւ այնուհետեւ՝ յանձնուած: