Կեդրոնական Պէյրութի մէջ երէկ յայտարարուած եւ քաղաքական գլխաւոր խմբաւորումներուն զօրակցութիւնը վայելող «Պէյրութցիներու Ցանկին» մէջ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան թեկնածուն է Արամ Մալեան: Այս մասին տեղեկութիւնը լոյս տեսած է Պէյրութ հրապարակուող ՍԴՀԿ օրկան ՝ «Արարատ»ի մէջ: Ըստ աղբիւրին, Մալեան Պէյրութի քաղաքապետութեան անդամ առաջին անգամ ըլլալով ընտրուած է 2010 թուականին տեղի ունեցած քաղաքապետութեան ընտրութիւններուն: Արամ Մալեան ատենապետն է Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութեան, նաեւ անդամ ՙ «Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամ»ի հոգաբարձուներու խորհուրդին: Ան վերջին 6 տարիներուն, որպէս Պէյրութի քաղաքապետարանի անդամ, աշխոյժ գործունէութիւն տարած է մայրաքաղաքի զանազան հատուածներու` մասնաւորաբար հայկական թաղամասերու բարեկարգման եւ բարգաւաճման աշխատանքներուն մէջ, ներկայացնելով եւ գործադրելով յատուկ ծրագիրներ: Արամ Մալեան նաեւ կարեւոր դեր խաղցած է Պէյրութ-Երեւան քոյր մայրաքաղաքներուն միջեւ յարաբերութիւններու զարգացումին, բարձրաստիճան փոխադարձ այցելութիւններուն եւ համատեղ ծրագիրներու իրականացումին մէջ: Նշենք, որ Պէյրութի քաղաքապետական ընտրութիւնները պիտի կայացուի յառաջիկայ 8 Մայիսին: