image

Արաբական ո՞ր երկրի կիներուն արգիլուած է Էմիրաթեան օդանաւերով ճամբորդել

Արաբական ո՞ր երկրի կիներուն արգիլուած է Էմիրաթեան օդանաւերով ճամբորդել

Էմիրաթեան ճամբորդական ընկերութեան անակնկալ որոշումը խուճապ առաջացուցած է ուղեւորներուն մօտ:

«Ալ Տիար»ին համաձայն, ընկերութիւնը իր 22 դեկտեմբերին դէպի Տուպայ իրականացուած թրիչքի ժամանակ յայտարարած է, թէ որեւէ թունուսցի կին օդանաւ պիտի չբարձրանայ:

Այս առթիւ թռիչքի ղեկավարի փոխանորդը պարզաբանած է, թէ ըստ ընկերութեան որոշման, այսուհետեւ պիտի արգիլուի դէպի ԱՄԷ իրականացուող չուերթներու ժամանակ թունուսցի կիներու մուտքը օդանաւ, բացի այն պարագաներէն, եթէ վերջիններս կեցութեան կարգավիճակ կամ դիւանագիտական անցագիր ունին:

Նշուած է նաեւ, որ սոյն որոշման վաւերականութեան ժամկէտն ու պատճառները տակաւին անյայտ են: