Սեպտեմբեր 10-ին, Վօ-ան-Վըլէնի (Լիոնիշրջան) մէջ գումարուած Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF) ընդհանուր ժողովին խորհուրդի համանախագահներ վերընտրուած են Արա Թորանեան եւ Մուրատ Փափազեան:
Անոնք CCAF-ի Ֆրանսայի խորհուրդի 27 անդամներուն ներկայացուցած են անցեալ երեք տարիներու հաշուեկշիռը: Իրենց զեկուցումի աւարտին, ներկաներուն թելադրած են զիրենք վերընտրել, շարունակել կարենալու համար սկսուած աշխատանքները, թէ՛ համայնքէն ներս, թէ՛ ալ իշխանութիւններուն մօտ:
Յաջորդած է ծաւալուն վիճարկում մը CCAF-ի առաքելութեան, նպատակներուն, ապագային մասին: Համայնքայնացումէ խուսափելու, ֆրանսահայ համայնքը թմբիրէն թօթափելու, Հայաստանէն նոր գաղթողները համարկելու եւ CCAF-էն դուրս գտնուող հայութեան հատուածը ներգրաւելու խնդիրները արտայայտուած մտահոգութիւններուն գլխաւորները եղած են:
Վիճարկումին եւ ելոյթներուն յաջորդած է նոր վարչութեան ընտրութիւնը: CCAF-ի երեք շրջաններուն՝ Փարիզի (CCAF Ֆրանսա – կեդրոնական գրասենեակ), Մարսիլիոյ (CCAF Հարաւ) եւ Լիոնի (CCAF Կեդրոն) համար ընտրուած են երեքական անդամներ. Մուրատ Փափազեան, Արա Թորանեան եւ Նատիա Գործունեան՝ Փարիզի գրասենեակին, Րաֆֆի Գրիգորեան, Մեկօ Մխսեան եւ Ժանին Փալուլեան՝ Լիոնի, Փասքալ Շամասեան, Սիմոն Ազիլազեան եւ Ազատ Պալալաս՝ Մարսիլիոյ գրասենեակներուն:
Հուսկ, Արա Թորանեան եւ Մուրատ Փափազեան վերընտրուած են CCAF Ֆրանսայի համանախագահ, պաշտօնավարման եռամեայ շրջանի մը համար: Փասքալ Շամասեան ալ ընտրուած է CCAF Ֆրանսայի ընդհանուր քարտուղար: