Սուրիահայ հասարակական գործիչ Բժշկ. Զարեհ Սիմոնեան յայտնուած է առողջական ծանր վիճակի մէջ։ Այս մասին «Արեւելք» վերահասու կը դառնայ Սուրիոյ ՀԲԸՄ-ի շրջանակներէն։
Մեր աղբիւրին համաձայն Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքի ՀԲԸՄ մարմնի ատենապետ Բժշկ. Զարեհ Սիմոնեան օրերս անցուցած է առողջական ծանր տագնապ մը, որուն հետեւանքով ալ բուժման համար փոխադրուած է Դամասկոս։
Ներկայիս ան կը գտնուի բժիշկներու խնամքին տակ։
Սուրիոյ ՀԲԸՄ-ի շրջանակաները այս առթիւ հրապարակած են կարճ հաղորդագրութիւն մը, որուն միջոցաւ մարմնի բոլոր անդամներէն եւ Սուրիոյ հայրենակիցներէն խնդրած են աղօթել Գամիշլի համայնքի աշխոյժ եւ անձնուէր գործիչի ապաքինման համար։
«Արեւելք» նոյնպէս կը միանայ այդ մաղթանքներուն։