image

Անգարայի քաղաքապետարանը արգիլած է հաւաքներն ու ցոյցերը

Անգարայի քաղաքապետարանը արգիլած է հաւաքներն ու ցոյցերը

Լրատուական մէկէ աւելի աղբիւրներ տեղեկութիւն կը տարածեն այն մասին, որ Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարան կրնայ ահաբեկչութեան թիրախ դառնալ: Մտավախութիւնը կապուած է երկրի խորհրդարանին կողմէ գումարուող արտակարգ նիստին հետ, որուն հիմնական օրակարգը յատկացուած է Թուրքիոյ նախագահին իրաւասութիւններու ընդլայնման հետ:

Կը նշուի նաեւ, որ մայրաքաղաքի քաղաքապետութիւնը յատուկ յայտարարութիւն մը հրապարակած  է, ուր կ'ըսուի, թէ յառաջիկայ մէկ ամսուան համար քաղաքին մէջ խստիւ կերպով կ'արգիլուին բոլոր տեսակի հաւաքներն ու ցոյցերը:

Թրքական ապահովական մէկ բանբերը, որ մերժած է անունը տալ, խօսելով «Ալ-Քուտս» արաբատառ կայքին, նշած է, որ Անգարայի դէմ ապահովական լուրջ  սպառնալիքներ կան եւ թէ անվտանգութեան մարմիններ խստացուցած են անվտանգութեան միտուած բոլոր միջոցառումները:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ «Միլլի Մէճլիս»ը այսօր եւս պիտի շարունակէ իր քննարկումները: