Դիւանագիտական աղբիւրներ յայտնած են, որ Թէլ Աւիւի մէջ Թուրքիոյ դեսպան նշանակուած՝ Քէմալ Օքէմ, 12 դեկտեմբերին, իր պաշտօնավարման փաստաթուղթերը պիտի ներկայացնէ Իսրայէլի նախագահ՝ Ռաուվին Ռեվլինին: Այս մասին կը գրէ «Ալ Քուտս», աւելցնելով, թէ այս քայլով կ′ամբողջանայ երկու երկիրներուն միջեւ դեսպանական փոխանակման գործընթացը, որ սկսած էր անոնց միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացմամբ:
Յայտնենք, թէ Իսրայէլի կողմէ, Անգարայի մէջ դեսպան նշանակուած՝ Էթան Նայէ, հինգշաբթի օր, հասած էր Անգարա, ուր օդակայանին մէջ լրատուամիջոցներուն յայտնած էր իր գոհունակութիւնը պաշտօնը ստանձնելուն համար, ինչպէս նաեւ ըսած էր, թէ անհամբեր կը սպասէ պաշտօնապէս սկսելու իր պարտականութիւնները:
Յիշեցնենք, որ երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները վատացած էին, 2010-ին, իսրայէլեան բանակին թրքական «Մավի Մարմարա» նաւին վրայ յարձակման հետեւանքով, երբ նաւը «Ազատութիւն» նաւատորմին հետ կ′ուղղուէր Կազա ՝ առկայ պաշարումը կոտրելու: Կողմերը անցնող յունիսի աւարտին, որոշեցին բնականոնացնել յարաբերութիւնները, Թէլ Աւիւի Թուրքիոյ կողմէ դրուած պայմանները իրագործելէ ետք: