Թուրքիա–(Reuters)Թուրքիոյ նախագահը անգամ մը եւս խօսած է ԱՄՆ ապաստանած թուրք կրօնական գործիչ Ֆէթհիւլլա Կիւլէնի արտայանձնման մասին: Էրտողան, որ խօսած է «Թէլէվիզա» մեքսիքական կայանին, ըսած է, թէ ան որ չի տեսներ Թուրքիոյ մէջ եղած յեղաշրջումին Կիւլէնի մասնակցութիւնը եւ գլխաւոր դերակատարութիւնը, կոյր է: Ան նաեւ յայտնած է, թէ իրենք կը պայքարին ահաբեկչութեան դէմ եւ երբ Միացեալ Նահանգներ փաստաթուղթեր կը պահանջէ Կիւլէնը յանձնելու համար, այն ատեն, անոնք պատուարներ դրած կ'ըլլան Թուրքիոյ ահաբեկչութեան դէմ տարած պայքարին առջեւ: