image

Ամօ'թ մեզի, որ մինչեւ այսօր չկրցանք մարդասիրական անցուղիներ բանալ Հալէպի մէջ. Մերքէլ

Ամօ'թ մեզի, որ մինչեւ այսօր չկրցանք մարդասիրական անցուղիներ բանալ Հալէպի մէջ. Մերքէլ

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ այսօր, 6 Դեկտեմբերին Քրիստոնեայ Տեմոքրատականներու խորհրդաժողովի ընթացքին ըսած է. «Ամօ'թ մեզի, որ մինչեւ այսօր չկրցանք մարդասիրական անցուղիներ բանալ Հալէպի մէջ: Մենք պարտաւոր ենք պայքարիլ այդ ուղղութեամբ»: Այս մասին յայտնած է «RT Arabic» լրատուական կայքը:

Այնուհետեւ խօսքը շարունակելով Մերքէլ ըսած է. «Եթէ անկեղծ խօսինք, բացայայտ է, որ մեր քաղաքականութեան մէջ ինչ-որ բան սխալ է՝ երբ հարիւր հազարաւոր մարդիկ փողոց դուրս կու գան ընդդիմանալու ԱՄՆ-ի հետ ստորագրուած ազատ առեւտուրի համաձայնագիրի մը դէմ, մինչդեռ Հալէպի մէջ տեղի ունեցող վայրագ հրթիռակոծումները ժողովուրդին մօտ ոչ մէկ ըմբոստացում կ'առաջացնեն»:

Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ իրաւասու մարմինները Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութեան հետ համագործակցաբար, քանի մը ամիս առաջ, մարդասիրական անցուղիներ բացած էր՝ քաղաքացիներու, ինչպէս նաեւ զինեալ ահաբեկիչներու Հալէպի արեւելեան թաղամասերէն դուրս գալու համար: Բացի այդ, Ռուսիա ձեռնարկած էր մարդասիրական գործունէութեան՝ զինեալ խմբաւորումներու տիրապետութեան տակ գտնուող թաղամասերէն հեռացող հազարաւոր քաղաքացիներու անհրաժեշտ օգնութիւն ցուցաբերելու նպատակով: