Թուրքիոյ վարչապետի գրասենեակը յայտարարութեամբ մը տեղեկացուցած է, որ ԱՄՆ փոխնախագահ Մայք Փենս հինգշաբթի օր հեռախօսազրոյց ունենալով Թուրքիոյ վարչապետ Եըլտըրըմի հետ, ըսած է, որ «նոր օր» մը կը սկսի թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն համար, կը յայտնէ «Reuters» գործակալութիւնը:
Յայտարարութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ ԱՄՆ փոխնախագահը իր ցաւակցութիւնը յայտնած է Թուրքիոյ վարչապետին, Սուրիոյ Ալ-Պապ քաղաքին մէջ, «Իսլամական Պետութիւն» կազմակերպութեան դէմ պայքարող 3 թուրք զինուորներու մահուան կապակցութեամբ: Ան նաեւ շեշտած է, որ ԱՄՆ-ն պատրաստ է աջակցիլ Թուրքիոյ՝ ահաբեկչութեան դէմ տարած պայքարին: