ԱՄՆ պատասխանատու մարմիններ յայտարարած են, որ Թրանբի վարչակազմը առաջարկ մը կը սերտէ, որու արդիւնքով կրնայ Իրանիեան Իսլամական յեղափոխութեան պահակազօրը ներառուիլ «ահաբեկչական կազմակերպութիւններ» ցուցակին մէջ: Այս մասին կը գրէ «Ալ-Քուտս», նշելով, որ այս առաջարկը ներկայացուած է տարբեր ամերիկեան կառոյցներու, իրենց կարծիքը ներակայցնելու համար: Որոշում կայացուելու պարագային այս մէկը պիտի աւելնայ ԱՄՆ-ի կողմէ պահակազօրին աջակցող կամ անոր հետ կապ ունեցող անձերու եւ մարմիններու նկատմամաբ բանեցուած պատժամիջոցներու շարքին:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Փենթակոնն ու հետախուզութիւնը դէմ են նման առաջակի եւ վարչակազմը տակաւին որոշում չէ ընդունած։