«Հայ Ձայն»էն կը կարդանք.
Միացեալ Նահանգներ ունի նոր նախագահ: Յառաջիկայ Յունուարի երկրի ղեկը ստանձնող Տոնըլտ Թրամբ կը հանդիսանայ երկրի 45-րդ նախագահը: Մինչեւ նախագահական ընտրութիւնները ամերիկահայութիւնը բաւական մեծ հարցադրումներով մասնակցեցաւ ընտրութիւններուն եւ հայութեան «որոշիչ» համարուող մարմինները ազատ ձգեցին հայ ընտրազանգուածը, իր որոշումին մէջ առարկելով, որ երկու թեկնածուներն ալ հայկական օրակարգերուն վերաբերեալ «մեծ տալիք» մը չունէին:
Այսօր, սակայն, պարագան այլ է, ու ամերիկայութիւնը, իր բոլոր երանգներով, իր տարբեր հատուածներով, իր ներկայութեամբ եւ ներուժով պարտաւոր է նոր ճանապարհ մը բանալ` մէկ կողմէ ԱՄՆ նախագահ Տոնըլտ Թրամբին եւ միւս կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան ու առհասարակ հայութեան հետ:
Զարմանալի թող չթուի, որ Ամերիկեան վերանորոգ վարչակարգի սեղանին հայութեան կողմէ ներկայացուելիք բոլոր առաջարկները յստակեցուած են:
Կը մնայ այդ առումով լուրջ աշխատանքներ ձեռնարկել եւ հասկնալ Ամերիկայի նոր նախագահին հետ խօսելու ձեւերը:
Կարեւոր ալ չէ, թէ համաշխարհային կարծիքը, ինչ ընկալումով կամ զարմանքով գնահատականներ կը բաշխէ այս ընտրութիւններուն մասին:
Կարեւորը նոր եւ յստակ ճանապարհի մը ստեղծումն է, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ ամբողջական լարումով դրական տեղաշարժ ապահովել հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն առընթեր եւ առաւելագոյնս օգտուիլ «մեծ կայսրութեան» դրական մօտեցումներէն ու նեցուկէն:
Ի վերջոյ ամերիկահայութիւնը այսօր կոչուած է կարեւոր աշխատանքի մը, որուն հիմնական խորագիրը՝ Հայաստանի եւ հայութեան շահերու պահպանումն են: