ԱՄՆ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ յայտարարած են, որ Թրամբի վարչակարգը կը պատրաստուի ռազմական գործողութիւններ իրականացնել Սուրիոյ կառավարութեան դէմ, ի պատասխան վերջինիս կողմէ քիմիական զէնք կիրառելու շուրջ հրապարակուած տեղեկութիւններուն:
«Washington Post»ին փոխանցմամբ, Թրամբ պահանջած է Ասատը պատժելու տարբերակներ առաջարկել, պնդելով, որ վերջինս ընթացիկ տարուան մէջ արդէն աւելի քան 7 անգամ քիմիական զէնք կիրառած է:
Աղբիւրին համաձայն, Սպիտակ տան մէջ կայացած քննարկումներուն ներկայ եղած են Սպիտակ տան անձնակազմի ղեկավարը, Ազգային անվտանգութեան խորհրդականը եւ Պաշտպանութեան նախարարը: