image

Ամէն գնով պիտի պաշտպանենք Հալէպը. Նախագահ Ասատ

Ամէն գնով պիտի պաշտպանենք Հալէպը. Նախագահ Ասատ

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ կոչ ուղղած է ամէն գնով  արգիլել թրքական զօրքի Հալէպ մուտքը:

«Ալ Տիրար» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, Ասատ զինուորական հրաման արձակած է Իրանի, Իրաքի եւ «Հըզպալլա»ի զօրքերու կողքին Հալէպի մէջ ծառայող Սուրիոյ բանակի զինուորներուն ու սպաներուն, պահանջելով կեանքի գնով տէր կանգնիլ Հալէպին ու պաշտպանել զայն թրքական յարձակումներէն ու ներթափանցումէն: