«Ալ Ժատիտ» հեռուստակայանը խոր կսկիծով յայտնած էր, որ մոնթաժի բաժնի իր աշխատակից Ազզ Ալ Հալապի ինքնաշարժի արկածի ենթարկուելով մահացած է:
Հեռուստակայանին փոխանցմամբ, Հալապի գիշերով իր ինքնաշարժով բախած է պատին, որուն հետեւանքով ինքնաշարժն այրած է:
Հալապիի յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ այսօր, ժամը 11-ին: