image
Հրատապ լուրեր:

Ալ Ճաաֆարի սուր քննադատութեան կ'ենթարկէ Սէուտական Արաբիան

Ալ Ճաաֆարի սուր քննադատութեան կ'ենթարկէ Սէուտական Արաբիան

ՄԱԿ-ի Սուրիոյ մշտական դեսպան Պաշշար Ալ Ճաաֆարի երէկ, 15 Նոյեմբերին սուր քննադատութեան ենթարկած է Սաուտեան Արաբիան, մեղադրելով զայն Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ահաբեկչական շարժումներն օժանդակելու մէջ: Այդ մասին կը յայտնէ «Սանա» լրատուական գործակալութիւնը:

Ալ Ճաաֆարի «Սուրիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու իրավիճակը» խորագիրը կրող որոշման նախագիծի քննարկման ծիրէն ներս խօսք առնելով ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու երրորդ յանձնաժողովի ներկայութեան ըսած է. «Արդեօք Սաուտեան Արաբիան պատրա՞ստ է գործադրել որոշման նախագիծին մէջ նշուած կէտերը, որոնք ներկայցուած է Սուրիոյ դէմ՝ որպէս Սաուտեան Արաբիոյ մէջ մարդու իրաւունքները խախտող»:

Ալ Ճաաֆարի նշեց նաեւ, որ Սաուտեան Արաբիոյ միջամտութիւնը Սուրիոյ մէջ գործունէութիւն ծաւալող ահաբեկիչներու օժանդակութեան գործին արդէն բացայայտ ու յստակ է բոլորին: Կ'ըսէ, թէ այս մասին տեղեկացուցած է Ուիքիլիքս, անդրադառնալով մա'նաւանդ Հելարի Քլինթընի եւ ԱՄՆ փոխ-նախագահ Ճօ Պայտընի յայտարարութիւններուն, թէ Սաուտեան Արաբիոյ եւ Քաթարի իշխանութիւնները Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական շարժման գլխաւոր հովանաւորներն են: Բացի այդ, որպէս ապացոյց մատնանշած է «Թոյոթա» ընկերութեան կողմէ հրապարակուած հաշուետւութիւնը՝ պատրաստուած Սուրոյ եւ Ռուսիոյ կառավարութիւններու խնդրանքով, որոնք արհեստական արբանեակներու միջոցով նկարուած եւ որպէս օժանդակութիւն Իսլամական Պետութեան (Տահէշին) ուղարկուած հազարաւոր ինքնաշարժներու նկարներ ներկայացուցած էին:

Ալ Ճաաֆարի յայտնեց, որ «Թոյոթա» ընկերութիւնը Սաուտեան Արաբիոյ, Քաթարին, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն եւ Յորդանանին 60 հազար ինքնաշարժ ծախած է, որոնք այսօր Տահէշի տրամադրութեան տակ են: