«Կեդրոնական պատերազմական լրատուամիջոց»ը թուիթըրեան իր էջին յայտարարած է, որ Սուրիոյ Կարմիր Մահիկ կազմակերպութեան հովանաւորութեամբ շարք մը հանրակառքեր ու շտապ օգնութեան ինքնաշարժներ Պաշիր Ալ Նաճճարի այգիներէն տեղափոխուած են Պայթ Թայմա, այնուհետեւ Պայթ Սապէր ու Քաֆար Հոր, որմէ ետք Դամասկոսի հարաւային արուարձանի Պայթ Ճին շրջանը, նախապատրաստուելով իրագործել այն համաձայնագիրը, ըստ որուն «Նուսրա»ի զինեալները Իտլիպ եւ Տարաա քաղաքներ պիտի տեղափոխուին: