Սուրիոյ հիւսիսի Հասիչէ նահանգին մէջ գտնուող «Ալ Հոլ» անունով ճամբարը, քանի մը օր է, որ կ'ապրի անհանդարտ վիճակ: «Տահէշ» ահաբեկիչներու կանայք, որ կը գտնուին գաղթակայանին մէջ կը փորձեն ամէն կերպ փախուստի դիմել եւ հեռանալ այդ կայանէն։
Այդ մասին լուրը կը հաղորդէ ՝ «Ալ Արապիյա» կայանը նշելով, որ ահաբեկիչներու կանանց կողմէ կատարուող այս շարժումները կը համընկնին վերջին օրերու ընթացքին, բանտերուն մէջ տեղի ունեցող խռովութիւններուն. յիշեցնելով, որ այդ շրջանին մէջ գտնուող բանտերը կը գտնուին քրտական ուժերու («Ասայէշ») տիրապետութեան տակ։
Բանտի ճաղերուն ետեւը ապրող «ՏԱԷՇ»-ի անդամները, որոնց կազմակերպութիւնը տարիներ շարունակ ահաբեկած է հազարաւոր անմեղ մարդիկ, այսօր կը խօսին մարդու իրաւունքներու մասին եւ կը պահանջեն միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններէն, այցելել եւ տեսնել, իրենց նկարագրութեամբ, առկայ ողբերգական իրավիճակը:
Երեք թրքուհիներ
Փախուստի կապակցութեամբ, մարդու իրաւունքներու սուրիական դիտարանը կը հաղորդէ , որ Ճամբարի անվտանգութեան ուժերը, ձերբակալած են կազմակերպութեան պատկանող թուրք ընտանիքներէ սերող 3 կիներ, որոնք կը փորձէին հրդեհ բռնկեցնել Ճամբարի գաղթականներու բաժնին մէջ, իրարանցում ստեղծելու եւ փախուստի դիմելու նպատակով:
Լարուած ականի նմանող այս ճամբարը, նախապէս ալ տեսած է այսպիսի դէպք մը անցեալ Մարտ ամսոայ վերջաւորութեան, երբ 5 ռուս կանանց փախցնելու փորձեր կատարուած են: Բայց քրտական պաշտպանութեան ուժերու ներքին անվտանգութեան աշխատակիցները տեսախցիկներու միջոցաւ տեսած ու կրցած են կասեցնել փախուստը, ճամբարի ցանկապատին մօտ:
Օտար քաղաքացի «Տահէշ»ի կանայք եւ առանց փաստաթուղթերու զաւակներ
Նշենք, որ «Ալ Հոլ» գաղթակայանը կը համարուի «ինքնակառավարման» ենթակայ ամենամեծ ճամբարներէն մէկը, ուր կան 74 հազարէն աւելի մարդ՝ տեղահանուածներ, փախստականներ, «Տահէշ»-ի ընտանիքներ իրենց կիներով եւ երեխաներով:
Ինչպէս նաեւ կը նկատուի ամէնէն վտանգաւոր ճամբարներէն մէկը, նկատի առնելով, որ այնտեղ կը գտնուին 40 հազարէն աւելի «Տահէշ»ի անդամներու կիներ իրենց երեխաներով:
Ըստ ՄԱԿ-ի զեկոյցներուն՝ այստեղի երեխաները կը գերազանցեն յիշեալ թիւին երկու երրորդը, անոնք կը կազմեն Ճամբարի բնակչութեան 66% տոկոսը: Անոնցմէ շատ շատեր չունին ինքնութեան փաստաթուղթեր, մանաւանդ անոնք, որոնք ծնած են կարծեցեալ «խալիֆայական պետութեան» հողին վրայ, ու այդ պետութեան անդամակցած հայրերէ:
Աղբիւրը՝ alarabiya.net