Այսօր առաւօտեան ժամերէն սկսեալ միջազգային լրահոսի հիմնական հետաքրքրութեան առանցքը հանդիսացած օդանաւի հարցը փակուեցաւ եւ առեւանգողը ձերբակալուեցաւ: Նախապէս հաղորդած էինք, որ առեւանգողի ինքնութեան վերաբերեալ հակասական տեղեկութիւններ կան: Նշենք, որ օդանաւին մէջ կային անձեր եւ անոնց մէջ ամերիկացի եւ բրիտանացի ուղեւորներ: Ցարդ յստակ չեն օդանաւի առեւանգման մասին լուրերը եւ շրջան կ'ընեն տարբեր վարկածներ: Կիպրոսի ապահովական ուժեր միջամտած են իրականացնելու համար առեւանգողին ձերբակալումը: