image

Ահտ Թամիմիի հայրը նոյնպէս կը ձերբակալուի

Ահտ Թամիմիի հայրը նոյնպէս կը ձերբակալուի

Ահտ Թամիմիի եւ իր մօր ձերբակալութենէն մէկ օր անց Իսրայէլեան ոստիկանութիւնը դատավարութեան ընթացքին ձերբակալած է նաեւ Ահտի հայրը՝ Պասէմ Թամիմին: Այս մասին կը յայտնէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:

Պասէմ իսրայէլեան «Հաարթս» թերթին յայտնած է, որ իր դուստրը յարձակած է իսրայէլցի զինուորներուն վրայ այն բանէն ետք, երբ վերջիններս կրակած են 15-ամեայ Ալի Մուհամմատ Թամիմի կոչուող պատանիին ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով վերջինս գլխու հատուածին մէջ ծանր վիրաւորում ստացած է:

Թամիմի նախքան ձերբակալուիլը շեշտած է նաեւ, թէ հակառակ անոր, որ իրենք կը գիտակցէին տեղի ունեցած դէպքին վտանգաւոր ըլլալը, սակայն կը ցանկային, որ պաղետինցիներն ու ուրիշներ իսրայէլցի զինուորներու նկատմամբ այլ վերաբերմունքի ականատես ըլլային: