Ահաբեկչական յարձակում մը տեղի ունեցած Փղոսկրեայ Ափունքի զբօսաշրջային մէկ շրջանին մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց «Ռօյթըրզ» լրատուական գործակալութիւնը, որ նաեւ յայտնեց, որ ահաբեկիչ զինեալներ մուտք գործած են Պասսամ շրջանին մէջ եղող պանդոկ մը ու կրակ բացած հոն եղող քաղաքացիներուն վրայ: Կրակոցներուն արդիւնքով զոհուած են 12 անձեր (նախնական - «Ռօյթըրզ»)եւ կան տասնեակ վիրաւորներ: