image

Աֆրինի մէջ Թուրքիոյ խոշորագոյն կորուստը մէկ օրուան ընթացքին

Աֆրինի մէջ Թուրքիոյ խոշորագոյն կորուստը մէկ օրուան ընթացքին

Սուրիոյ մէջ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակը յայտարարած է, որ երէկ, ուրբաթ օր, Աֆրինի մէջ տեղի ունեցած մարտերու ընթացքին 15 թուրք զինուոր զոհուած է:

«Sky News» լրատուական ցանցին փոխանցմամբ, Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակը լուրը հրապարակած է իր պաշտօնական կայքէջին, միաժամանակ նշելով, որ մարտերու ժամանակ մեծ թիւով ռազմասայլեր եւ զինամթերք նոյնպէս ոչնչացուած է:

Աղբիւրը նշած է նաեւ, որ թրքական ուժերն ու անոնց համակիր Սուրիոյ Ազատ բանակը քանի մը ուղղութիւններով ներխուժած են Աֆրինի Ռաճօ գիւղը:

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակին հաւաստմամբ, ներկայիս թրքական ուժերն իրենց իշխանութիւնը տարածած են 80 գիւղի եւ աւանի վրայ, որոնց ընդհանուր մակերեսը կը կազմէ 3850 քմ քառակուսի: